Յայտարարութիւն Հ․Յ․Դ․ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Կեդրոնական Կոմիտէի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէն խստագոյն ձեւով կը դատապարտէ Փաշինեանի վարչակարգին կողմէ Հայաստանի ազգային հաստատութիւններու՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ ՀՅԴ-ի դէմ սաստկացած ու համակարգուած հալածանքները։ Սրբազան Բագրատ Արք․ Գալստանեանի ձերբակալութիւնը՝ «ահաբեկչութեան» կեղծ մեղադրանքներով, եւ անոր հետ միատեղ՝ Հ.Յ.Դ. անդամներու բնակարաններու եւ գրասենեակներու նկատմամբ քաղաքական շարժառիթներով կատարուած ապօրինի