Եթէ երբեք սիրտիդ մէջ կը զգաս դատարկութիւն մը եւ կուզես լեցնել զանիկա, եկո՛ւր Աստուծոյ, որ օր մը յայտարարեց. «Միթէ երկինքն ու երկիրը լեցնողը ես չե՞մ» (Եր․ 23.24)։ Երկինքն ու երկիրը լեցնողը քե՛զ ալ կրնայ լեցնել։ Աստուած պիտի չպարպուի եթէ քեզ լեցնէ։ Աստուած պիտի չաղքատանայ եթէ քեզի տայ։ Բա՛ց ձեռքերդ Աստուծոյ առջեւ եւ Աստուած զանոնք առատութեամբ պիտի լեցնէ (Յոբ 12.6)։ Բա՛ց բերանդ Աստուծոյ առջեւ եւ Աստուած զանիկա ամբողջութեամբ պիտի լեցնէ (Սղ․ 81.10)։ Բա՛ց սիրտդ Աստուծոյ առջեւ եւ Աստուած զանիկա իր Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ եւ արիութեամբ պիտի ողողէ (Միք․ 3.8)։