Մեր կրօնական շրջանակներէն ներս հոգեւոր կեանքը սկսած է դառնալ ընդհանրապէս ձեւական ու ցուցական եւ հայ իրականութենէն ներս՝ լուսանցքային։ Հոգեւոր արժէքներու ներթափանցումը մեր անհատական, ընտանեկան ու հաւաքական կեանքէն ներս տակաւին կը կարօտի աւելի ազդու ու ներգործող նախաձեռնութիւններու ու հետեւողական աշխատանքներու: