Vatican News. Չորեքշաբթի, 28 յունուարին առաւօտեան կայացած ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, Լեւոն ԺԴ Քահանայապետը ոգեկոչեց երեկ նշուած «Հոլոքոստ»-ի զոհերու յիշատակի օրը, հայցելով Աստուծմէ աշխարհ մը՝ զերծ հակասեմականութենէ, նախապաշարումներէ, հարստահարութիւններէն եւ հալածանքներէ ու հիմնուած «փոխադարձ յարգանքի եւ հասարակաց բարիքի վրայ»։ «Երէկ կը նշուէր ողջակիզման (Holocaust) զոհերու յիշատակի միջազգային օրը, որուն պատճառով միլիոնաւոր հրեաներ եւ բազմաթիւ այլ անձեր