Ես ո՛չ «մայտան» կ՛ուզեմ ո՛չ ալ «գարուն»
Ժողովրդային իմաստութիւնը կ՛ըսէ. «Երբ կրկէսի մէջ ենք, պէտք է ըլլալ գազանազուսպը եւ ո՛չ գազաններէն մին»… Հայրենիքը կ՛եռայ այսօր: Ան յղի է ամէն տեսակի անակնկալներով ու վտանգներով: Ամէն ոք, ամէն բան կը խօսի, կը գրէ ու կ՛ընէ: Աղմուկ, աղաղակ: Կրկէս է …