«Իսրայէլի կառավարութիւնը յստակ կեցուածքով եւ քայլերով պէտք է յարգէ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան եւ հայ համայնքին իրաւունքները»
Հ.Յ.Դ. Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի յայտարարութիւնը Երուսաղէմի հայութեան եւ պատրիարքութեան հազարամեայ իրաւունքներու պատշպանութեան Մտահոգութեամբ կը հետեւինք Իսրայէլի ոստիկանութեան կողմէ Երուսաղէմի հայ համայնքին եւ պատրիարքութեան իրաւունքներու ոտնահարման քայլերուն՝ Հին Երուսաղէմի հայկական թաղամասին մէջ։ Իսրայէլի ոստիկանութիւնը այդ քայլերով կ՚աջակցի զինեալ վերաբնակներու եւ խաբէութեամբ ստորագրուած եւ խնդրահարոյց պայմանագրի դիմացի կողմի աշխատակիցներու բռնութիւններուն՝ խախտելով միջազգային եւ տեղական համապատասխան օրէնքները։