Աննկուն կամքով մեր ազգին Դատը հետապնդելու հրամայականին առջեւ կը գտնուինք. ՀՅԴ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէ
Հայաստան-Արցախ եւ Սփիւռքի մէջ ապրող ամբողջ հայութեան համար ճակատագրական այս ժամանակաշրջանին՝ Արցախի պատերազմի ծանր պարտութենէն ու անկէ ետք յամեցող հարցերէն ետք, բայց մանաւանդ վերջին շաբաթներուն Ատրպէյճանէն հնչող յայտարարութիւններուն ու հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին շրջանառուող լուրերուն, ծրագրուող հանդիպումներուն եւ քաղաքական զարգացումներուն լոյսին տակ, հայրենի եւ սփիւռքի ժողովուրդը ոտքի է ու լրջօրէն մտահոգուած, իր բողոքն ու ընդվզումը յայտնելով, …