Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՚ուղղէ Գանատայի կառավարութեան դատապարտելու Պաքուի յարձակողապաշտ ընթացքը
horizonweekly. Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբը Մարտ 29-ին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կ՚անդրադառնայ Արցախի Հանրապետութեան մէջ լարուածութեան սրացման և խաղաղ հայ բնակչութեան դեմ Ատրպէյճանի բռնարարքներուն։ Յայտարարութեան մէջ յանձնախումբը խստօրէն կը դատապարտէ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի որդեգրած յարձակողապաշտ քայլերը եւ կոչ կ՚ուղղէ Գանատայի կառավարութեան անյապաղ դատապարտելու Պաքուի քաղաքական այս ընթացքը եւ օգտագործելու իր տրամադրութեան տակ գտնուող դիւանագիտական բոլոր …