Արեան կանչը տակաւին կը լսուի եւ պիտի լսուի այնքան ատեն, որ արդարութիւնը չէ հաստատուած․ «Հայրենիք»
Դեկտեմբեր 1-ին Լեհաստանի Լոծ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի նախարարական համաժողովը, որուն կը մասնակցէր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ յանձին երկրի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի: Բնականաբար, իբրեւ երկրի դիւանագիտութեան պետ, նախարար Միրզոյեան այս համաժողովի շրջանակներուն մէջ առանձին հանդիպումներ ալ պիտի ունենար մասնակից երկիրներու իր պաշտօնակիցներուն հետ: Այս առիթով ալ ոտքի վրայ հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի …