Շուրջ երկու շաբաթէ ի վեր մահացու աւերներ գործող, ցարդ ամբողջովին չզսպուած, վայրագ հրդեհները ծանրագոյն տագնապի եւ անսահման տառապանքի մատնած են Լոս Անճելըսի աշխարհագրական շրջանի ամբողջ բնակչութիւնը։ Համատարած սարսափելի աղէտը, անտարակույս, դժնդակ վնասներու ենթարկած է նաեւ տեղւոյն հայագաղութը։ Մեր սրտագին մաղթանքն է որ կործանարար, աղիտաբեր հրդեհները հնարաւորին չափ շուտ յանգեցուին, որպէսզի չաւելնան զոհերուն եւ ծանրօրէն տուժածներուն